Friday, March 25, 2011

Հրաչ Քալսահակեանին թեմական թեկնածութեան ծրագիրը


Hrach Kalsahakian's nomination program for Temagan (Legislative Body) elections in Sharjah

See Armenian text below

Հրաչ Քալսահակեանին թեմական թեկնածութեան ծրագիրը

Ստեղծել Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեան հայութեան պաշտօնական կայքէջ եւ ներգրաւել գաղութին պատանի եւ երիտասարդ տարրերը լրագրական գործի մէջ:

Լրջօրէն ուսումնասիրել ամենօրեայ հայկական մանկապարտէզ հիմնելու ծրագիրը:

Ստեղծել մարմին գաղութի նորեկ անդամները սիրալիր ընդունելու եւ ազգային կեանքի առաջնորդելու համար:

Հնարաւորութիւն տալ գաղութի պատանի եւ երիտասարդ տարրերուն հայկական միջավայրի գուրգուրանքն ու ուշադրութիւնը վայելելու՝ ներգրաւելով ատակ տարրերը վարչական եւ այլ մարմիններու մէջ:

Համալիրէն ներս ստեղծել տուն – թանգարան՝ հայ մշակոյթը հանրութեան եւ օտարներուն ներկայացնելու միտումով:

Աշխուժացնել հայ կեդրոնը զանազան միջոցառումներով: Զարկ տալ հոգեւոր դաստիարակութեան:

Կեդրոնը օժտել արդի հաղորդակցական եւ լսատեսողական միջոցներով, ինչպէս նաեւ մարզական եւ օգտաւէտ ժամանցի սարքերով:

Մէջտեղ բերել եւ քաջալերել գաղութի տաղանդաւոր տարրերը:

Պատուել ազգային կեանքէն ներս կարեւոր ներդրում ունեցող անձերը:

Օտարախօս հայերը ներգրաւել ազգային կառոյցին մէջ:

Գործնականապէս օժանդակել գաղութին մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններուն եւ խմբաւորումներուն:

Աջակցիլ Ապու Տապիի գաղութին որպէսզի լուծէ իր կարգ մը հրատապ հարցերը:

Մօտակայ գաղութներուն հետ (ինչպէս Քուէյթ եւ Քաթար) պահպանել սերտ եւ համագործակցութեան կապեր:

Մշակել գործնական յարաբերութիւններ Հայաստանի դեսպանութեան հետ, մասնակցելով Սփիւռքի նախարարութեան կարգ մը ծրագիրներուն, ինչպէս «Արի Տուն», լրագրողներու եւ ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրներ, եւայլն:

Լուսաբանել հանրութիւնը՝ Հայաստանի երկքաղաքացիութեան օրէնքներուն վերաբերեալ եւ քաջալերել որ բոլոր հայերը ստանան Հայաստանի քաղաքացիութիւնը:

Հաղորդակցական կապ ստեղծել Էմիրութիւններու մէջ գործող տեղական և օտար գիտական, կրթական, ընկերային եւ մշակութային մարմիններուն ու անհատներուն հետ:

Վերատեսութեան ենթարկել թեմական կանոնագրութիւնը՝ պահպանելով ոգին, բայց համապատասխանեցնելով ներկայ պահանջներուն:

Շարժա, 22 Մարտ 2011